ԵՐԵՒԱՆ – Գիտաժողով՝ «Պոլսահայ գրականութիւնը 20-րդ դարու կէսէն մինչեւ մեր օրերը» նիւթին շուրջ

Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի եւ Երեւանի Խ. Աբովեան պետական մանկավարժական համալսարանի եւ «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի համագործակցութեամբ, Սեպտեմբեր 23-ին Երեւանի մէջ  կազմակերպուած է համահայկական գիտաժողով՝ «Պոլսահայ գրականութիւնը 20-րդ դարու կէսէն մինչեւ մեր օրերը» նիւթին շուրջ։

Գիտաժողովը սկսած է մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ՝ ի յարգանս յանուն Հայրենիքի նահատակուած զոհերու յիշատակին։

Բացման խօսքով հանդէս եկած է «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան։ Ան ընդգծած է հետեւեալ կարեւոր կէտը. “Արեւմտահայ գրականութիւնը անցած է ինչ-ինչ փորձութիւններու բովէն, չարագուշակ ճակատագիր կարդացած են անոր սնարին քով, բայց այդ լուսաւոր գրականութիւնը, ի հեճուկս նոյն ճակատագրի հարուածներուն, ապրեցաւ ու տոկաց, աշխարհը լեցուց իր զարմանալի կենսունակութեամբ ու վերադարձաւ”։

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութեան խօսքը հաղորդած է Անուշաւան եպիսկ. Ժամկոչեան՝ կարեւոր համարելով Ցեղասպանութենէն վերապրած պոլսահայութեան դերը հայ գրականութեան անդաստանին մէջ։

Ս. Դանիէլեան կարդացած է Պոլսոյ պատրիարք Սահակ Բ. արք. Մաշալեանի օրհնութեան խօսքը։

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Մանկավարժական համալսարանի տնօրէնուհի փրոֆ. Սրբուհի Գէորգեան՝ նշելով համալսարանի 100-ամեակին նման նիւթով գիտաժողովի կազմակերպման կարեւորութիւնը։

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անունով՝ ատենապետ Զաքար Քէշիշեան  ողջունելով գիտաժողովի մասնակիցները իր խօսքին մէջ նշած է.-

“Արեւմտահայերէնի գոյութիւնը լրջօրէն վտանգուած է։ Ազգային աղէտներուն համընթաց՝ պոլսահայ գրական ժառանգութեան նուիրուած գիտաժողովը իր գիտական վերլուծութեամբ, հայրենիքի մէջ արեւելահայ եւ արեւմտահայ գրական արժէքներու նկատմամբ հետաքրքրութիւն յառաջացնելու կարեւոր քայլ մըն է”։

Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէնուհի Ռուզան Առաքելեան իր ելոյթին շեշտած է. “Մեր պետութեան այս ժամանակահատուածին խորհրդանշական է պոլսահայ գրականութեան նուիրուած այս գիտաժողովը, որովհետեւ, ինչ որ կ’ըսէ գրականութիւնը, թերեւս չկարենան ըսել քաղաքագէտները”։

Հայաստանի Գրողներու միութեան անունով մասնակիցները ողջունած է քարտուղար Պետրոս Տէմիրճեան։

Գիտաժողովի զեկոյցները ընթացած են երկու նիստով, որոնց ընթացքին հանդէս եկած են փրոֆ. Վազգէն Գաբրիէլեան՝ «Պոլիսը պոլսահայ բանաստեղծութեան մէջ», Ֆրանսայէն փրոֆ. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան՝ «Պոլսահայ բանաստեղծութեան նոր շարժումը 1960-էն մինչեւ այսօր», փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան՝ «Ռոպէր Հատտէճեանը եւ “Մարմարա”-ն պոլսահայ գրական կեանքի կազմակերպիչ», փրոֆ. Արծրուն Աւագեան՝ «Յակոբ Մնձուրիի «Սուրբ Գէորգ» պատմուածքը», Քուէյթէն ժամանած դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան՝ «Հոգեւոր կեանքի ընկալումը Շնորհք պատրիարքի գրական, եկեղեցական, ազգային ու համամարդկային մտահորիզոններուն մէջէն»,  ԱՄՆ-էն դոկտ. Հրանտ Մարգարեանի զեկոյցը կարդացած է Մարի Մերթխանեան՝ «Պոլսահայ թատերգութիւնը 20-րդ դարու կէսէն մինչեւ մեր օրերը», դոկտ. Լիլիթ Սեյրանեան՝ «Զահրատի ստեղծագործութեան կառուցուածքային նշանագիտական ընթերցման փորձ», Պոլսէն տեսաուղերձով «Ակօս» թերթի հայերէն բաժնի խմբագիր Բագրատ Էսթուքեան՝ «Արեւելահայ գրականութեան ընկալումը Հանրապետական շրջանի թրքահայ մամուլի, գրական դպրոցներու եւ գրական շրջանակին մէջ», փրոֆ. Աշոտ Գալստեան՝ «Տէր Սահակ Բ. Մաշալեան պատրիարքի “Երկու ուխտաւոր” վէպի լեզուական հիմերը», դոկտ. Հայկազուն Ալվրցեան՝ «Զահրատը եւ բառը», Վալերի Փիլոյեան՝ «Անդան Էօզէրի “Ծածուկ իրականութիւններ” ժողովածուն», Արցախի պետական համալսարանէն Նոնա Դաւթեան՝ «Մեծ քաղաքի տիպաբանական քննութեան փորձ. Զահրատ», գրականագէտ Ֆելիքս Բախչինեան՝ «Թռչնապատկերը՝ ազատութեան խորհրդանիշ. Զարեհ Խրախունի», դոկտ. Քնարիկ Աբրահամեան՝ «Պոլսահայ գրականութիւնը Հայաստանի գրամշակութային ու կրթական համակարգում», Դաւիթ Մոսինեան՝ «Զաւէն Պիպէռեան. պոլսահայ կեանքի պատմականացման խնդիրները»,  Կարինէ Մարտիրոսեան՝ «Յակոբ Մնձուրի. “Երկեր” ծաղկաքաղը», Արցախէն Անոյշ Բալայեան՝ «Ազգային գիծը Ռոպէր Հատտէճեանի “Առաստաղ” եւ “Առաստաղի միւս կողմը” վէպերում» եւ Մարինէ Ղազարեան՝ «Տեղագրական պատկերները Յակոբ Մնձուրիի արձակում»։

Ողջունելի է համահայկական տարողութեամբ նման գիտաժողով մը, որ մանրակրկիտ ձեւով արձագանգ հանդիսացած է պոլսահայ գրականութեան

Բայց եւ այնպէս, կ՚ափսոսանք բացակայութիւնը Սփիւռքէն՝ բնագաւառի կարգ մը մասնագէտներու, ինչպէս օրինակ՝ Լեւոն Շառոյեանի, Կարօ Աբրահամեանի, Սեւան Տէյիրմենճեանի, Արփի Թոթոյեանի…։